2014-03-14 08:24:21

Ամուր ընտանիքի հիմքը` սէրն ու յարգանքն է


RealAudioMP3 Ընտանիքը ընկերային եւ կեանքի այն հաստատութիւնն է, որ ամենամեծ ու ամէնէն կարեւոր դեր խաղացողն է մարդու դաստիարակութեան եւ անհատի կազմաւորման առաքելութեան մէջ: Ամուսնանալ կը նշանակէ իր վրայ վերցնել մեծ պարտականութիւն:
Շատեր հարց կու տան ինչո՞ւ սէրդ կ՛անցնի ամուսնութեան տարիներուն ընթացքին: Արդեօք իսկական սէրը կ՛անցնի՞:
Այս հարցը ընտանեկան յարաբերութիւններուն մէջ, թերեւս, ամենակարեւոր եւ յաճախակի տրուող հարցերէն մէկն է: Այս հարցադրումին բացատրութիւնը հետեւեալն է. շատ զույգեր կ՛ամուսնանան առանց մտահոգուելու այն մասին, թէ ինչ է ընտանեկան յարաբերութիւնը, համատեղ առօրեան եւ ամենօրեայ պարտականութիւնները: Շատ անգամ անոնք կ՛ամուսնանան ռոմանդիկ եւ մտերմական յարաբերութիւններու խաբկանքի ազդեցութեան ներքեւ: Իրականութեան մէջ, ի սկզբանէ սէր չկար, կար սիրահարուածութիւն, հիացմունք, կիրք, ցանկութիւն, բայց` ոչ իսկական սէր:
Իսկական սէրը չ՛անցնիր. ամուսնութեան մէջ սէրը պարզապէս փոքր ձեւով կը ձեւափոխուի: Իսկական սէրը կը ծնի ոչ թէ ռոմանդիկ հանդիպումներու, այլ համատեղ կեանքի եւ միմեանց թերութիւններու բացայայտման ժամանակ: Սէրը դիմացինի թերութիւնները հանդուրժելու եւ առավելութիւնները սիրելու ու գնահատելու ունակութիւնն է:
Սիրող մարդն իր ընտրեալին կ՛ընդունի այնպէս ինչպէս որ է, չփորձելով փոխել զինք եւ չսահմանափակելով անոր անձնական ազատութիւնները:
Սէրն կ՛անցնի որովհետեւ մարդիկ չեն դիմանար վիճաբանութեան: Անոնք ամէն տեսակ կերպով կը փորձեն դիմացինին փոխելու եւ հարմարացնել իրենց կեաքին, չափին, մտքին: Իսկ երբ այս քաղաքականութիւնը, ձեւը չի յաջողիր, անոնք կը յուսահատին եւ արդեն ամուսնալուծումի կը վազեն:
Որպէսզի սէրը գոյատեւէ եւ յարատեւէ մարդիկ առաջին հերթին պէտք է աշխատին իրենք իրենց վրայ: Պէտք է յստակ հասկանալ, թէ այդ յարաբերութիւններէն ինչ կ՛ակնկալեն եւ ջանայ ամէն մէկը ինքնիրեն փոխվել դէպի լաւը, դէպի նկարագիր տէրը
Իսկական սէրը կը ծնի յարգանքի, փոխադարձ ջերմութեան եւ համբերութեան արդիւնքով, ինչպէս նաեւ կողակցի հետ երջանիկ ըլլալու ցանկութիւններէն: Իսկական սէրը կը ծնի եւ կը մշակուի տարիներու ընթացքին:
Երչանիկ ամուսնութեան մը համար եսասիրութիւնը սարսափելի պատուար մըն է: Յոյժ կարեւոր է որ ամէն մէկ անհատ իր կողակիցը ընտրելու համար լաւ հետազօտէ զինք թէ որքան ուշադրութիւն ցոյց կու տայ հանդէպ ուրիշներուն, եւ իր անձին վրայ ինչպիսի հակակշիռ մը կը կատարէ: Իր տան մէջ մտադիր ուշադրութիւն մը ցոյց կու տա՞յ իր ծնողներուն հանդէպ, եղբայրներուն, քոյրերուն: Կ՛ընդունի՞ իր սխալած ըլլալը եւ կը ջանա՞յ դարմանել: Ուրիշներու գործած սխալներուն նկատմամբ ցոյց կու տա՞յ ներողամտութիւն եւ ընծայել օժանդակութիւն: Ցոյց կու տա՞յ ծանօթ ըլլալ իր բնաւորութեան, ու գիտէ՞ որ նախանձը եւ նման բաներ հարկաւոր է հակակշռի տակ պահել:
Ահաւասիկ ուրեմն այս հարցադրումները որոնք կրնան իսկական սիրոյ դարմանը ըլլալ: Սիրել կը նշանակէ յարգել: Սիրել կը նշանակէ ներել: Սիրել կը նշանակէ զոհուիլ:







All the contents on this site are copyrighted ©.